ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅՑ․ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՄՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ 98-ՐԴ ԺՈՂՈՎԸ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅՑ․ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՄՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ 98-ՐԴ ԺՈՂՈՎԸ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
28 May 2025

St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more

DEMIRGIAN SCHOLARSHIP

ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅՑ․ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՄՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ 98-ՐԴ ԺՈՂՈՎԸ
Published - 9 May 2025

Նախագահութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանին եւ հիւրընկալութեամբ Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, Ուրբաթ 2 Մայիսի առաւօտուն գումարուեցաւ Թեմի տարեկան Պատգամաւորական 98-րդ ժողովը, որ սկիզբ առաւ Սրբազան Հօր աղօթքով: Ապա  ժողովական կարգին համաձայն կատարուեցաւ ներկաներու ստուգում, օրակարգի հաստատում եւ նախորդ Պատգամաւորական ժողովի ատենագրութեան վաւերացում: Արեւմտեան Թեմի Պատգամաւորական 98-րդ ժողովին ներկայ գտնուեցան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն երկու միաբաններ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններու եւ արխիւներու տնօրէն Հոգշ․ Տէր Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեանը եւ Գեւորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի ուսումնական խորհուրդի ատենապետ  Հոգշ․ Տէր Անդրէաս Վրդ․ Եզեկեանը։

Բացման նիստին ներկայ պատգամաւորները յոտնկայս ունկնդրեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց  Կաթողիկոսի Հայրապետական ողջոյնի գիրը ուղղուած Պատգամաւորական ժողովին: Նորին Սրբութիւնը Իր Հայրապետական Գիրին մէջ Հայրապետական Իր ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները յղեց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանին, հոգեւորականաց դասին, Թեմական եւ Ծխական խորհուրդներուն եւ Պատգամաւորական ժողովի անդամներուն:

Հարոց Հայրապետը դրուատիքով անդրադարձաւ այն գովարժան արդիւնքներուն, որոնք արձանագրուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի գործունէութեան մէջ, ի բարօրութիւն ամերիկաբնակ մեր ազգի զաւակներուն, եւ գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ հոգեւորականաց նուիրեալ ծառայութեամբ, վարչական կազմերուն մէջ ներգրաուած հայորդդիներու նախանձախնդիր աշխատանքով եւ յանձնառութիւններով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափերուն կը շարունակուին բարգաւաճիլ հայկական համայնքները, կը հիմնուին նոր ծուխեր, կ՛իրականացուին հոգեւոր, կրթական, մշակութային բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ, մեր ժողովուրդի զաւակներուն մէջ քրիստոնէական ոգին ու կապը ամրացնելու մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հետ։ Նորին Սրբութիւնը ակնարկ կատարելով Հայաստանին դիմագրաւած առկայ խնդիրներուն, հրամայական նկատեց, որ մեր ժողովուրդը միաւորուի հայրենեաց սիրով ու իր Սուրբ Եկեղեցիով, որ միշտ եղած է մեր հայրերու հաւատքի եւ աւանդութիւններու, մեր ազգային ինքնութեան պահպանման խնամարկուն ու փոխանցողը, հայոց պետականութեան կայացման ու զօրացման ամուր պատուարը։

Ամենայն Հայոց Հայրապետը Իր Օրհնութեան Գիրին մէջ Հայրապետական Իր բարձր գնահատանքը յղեց Թեմակալ Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանին, հոգեւոր դասին, Թեմական եւ Ծխական Խորհուրդներուն, կրթական եւ մշակութային հաստատութեանց պատուարժան մարմիններուն, մաղթելով, որ Աստուած միշտ պայծառ պահէ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմը եւ բոլորին շնորհէ ազգօգուտ եւ եկեղեցանուէր գործոց առատ արգասիքներ։

Առաջնորդ Սրբազան հօր տնօրինութեամբ հոգեւոր խորհրդածութեամբ ելոյթ ունեցաւ Արժանապատիւ Տէր Վազգէն Քահանայ Մովսէսեանը։ Խորհրդածութենէն ետք տեղի ունեցաւ Թեմական խորհուրդի, ընտրական եւ նշանակումներու յանձնախումբերու նոր անդամներու ընտրութիւնը։

Այնուհետեւ, Բարձրաշնորհ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթելով Մայր Աթոռէն ժամանած հոգեւորականներուն, իր պատգամը փոխանցեց Թեմական Պատգամաիորական 98-րդ ժողովին, որ յատկանշականօրէն կը կրէր «100 Ամեակին Ընդառաջ Նոր Տեսլականով Գործենք» խորագիրը։  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի օր ըստ օրէ աճող ու տարածուող ծառայական առաքելութեան ծիրէն ներս եւ Թեմի 100 ամեակի մեծաշուք նշման ընդառաջ, Սրբազանը իր պատգամը կեդրոնացուց հիմական ութ մտածումերու շուրջ-

Ա.- Նոր մակարդակ տալ հաւատքի կեանքին,

Բ.-Շարունակական վերլուծականներով ապահովել Եկեղեցւոյ առաքելութեան առնչուող զարգացումները,

Գ.- Որդեգրել նպատակասլաց ծրագրեր,

Դ.- Ապահովել Քրիստոնէական ինքնութիւնը թէ՛ անհատի եւ թէ հաւաքականութեան կեանքին մէջ,

Ե.- Նոր որակ մը տալ հովուական կեանքին,

Զ. Ապահովել ծխական համայնքներու կայունութիւնը,

Է. Ամրապնդել աշխարհականներու ծառայութիւնը, եւ

Ը. Հաստատել ուժեղ երիտասարդական ծառայութիւն եւ սահմանել երկարաժամկէտ տեսլական։

Սրբազան Հօր պատգամը հրաւէր է լիարժէք կերպով ապրելու քրիստոնէական կեանքը եւ  Թեմական կեանքէն ներս առաւելեալ մօտեցումներով եւ մասնագիտական լուծումներով խորացնելու ու ընդլայնելու հաւատքի գիտակցութիւնը: Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը անհրաժեշտ է մշտապէս քննարկել հիմնաւորուած արդիւնքներ ձեռք ձգելու միտումով, որդեգրելով facts funding mission-ը, որովհետեւ համայնքի կեանքին մէջ վերլուծումներով ձեռք կը բերենք վիճակագրութիւնը բացատրող պատկերներ, եւ ապա կը դիմենք լուծումներու: Սրբազանը կոչ ուղղեց բոլորին արմատականօրէն վերատեսելու մինչեւ օրս Թեմական մակարդակով կատարուած նախաձեռնութիւններուն բնոյթը եւ կեդրոնանալու նպատակասլաց ծրագիրերու ընտրութեան եւ որդեգրութեան գործընթացին:

Խօսելով քրիստոնէական ինքնութեան մասին, Սրբազանը շեշտեց, որ ան  կարեւորագոյն այն որակն է, որով կ՛ամրապնդենք մեր կեանքի նպատակը եւ հաւաքական ծառայութեամբ կը դառնանք ժամանակի ոգիին հարազատ ներկայութիւնը թէ՛ անհատապէս, եւ թէ որպէս հաւաքականութիւն, նկատել տալով, որ համայնքէն ներս եկեղեցին սովորական կառոյց մը չէ, այլ՝ աստուածային հոգեւոր հաստատութիւն մը, որուն առաքելութիւնը կը բնորոշուի հոգեւոր ծառայութեամբ, ինչպիսին էին քրիստոնէութեան նախնական համայնքները: Համայնքային կեանքէն ներս Թեմակալ Առաջնորդը կարեւորեց մտերմիկ հանդիպումները, եկեղեցի-հօտ երկխօսութիւնը, եւ զայն համարեց ազդեցիկ եւ արդիւնաւոր։ 

Սրբազանը յայտնեց, որ փաստօրէն այս երկխօսութիւնն է որ կ՛երաշխաւորէ մերձեցումը քահանային ու հաւատացեալին միջեւ: Լուսարձակի տակ առնելով ծխական համայնքներու կայունութեան ապահովումը, Բարձրաշնորհ Սրբազանը ըսաւ, որ ան կենսական ուժն է Թեմական մակարդակով մեր ծուխերու արդիւնաբեր գործունէութեան: Բարգաւաճ եւ կայուն ապագայ ապահովելու համար  պէտք է կեդրոնանալ ծխական համայնքներու կայունութեան վրայ՝ հոգեւոր, տնտեսական եւ կազմակերպչական առումներով, որոնք կը կատարուին հաւաքական ծառայութեամբ, պատասխանատուութեան գիտակցութեան  ամրապնդումով, հաշուետուութեան  խթանումով եւ ծխական համայնքներուն եւ Թեմին միջեւ հետեւողական հաղորդակցութեան պահպանութեամբ։ Գնահատելով աշխարհականներու ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը Արեւմտեան Թեմի բազմաբնոյթ եւ ընդարձակածաւալ գործունէութեան մէջ, Սրբազանը յայտնեց, որ առողջ եկեղեցին այն եկեղեցին է, ուր աշխարհականները ո՛չ միայն ներկայ են, այլեւ՝ ծառայութեամբ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն անոր առաքելութեան։ Ան յորդորեց, որ Թեմը  ներդրումներ կատարէ պատրաստելու եւ կրօնական կազմաւորում մատակարարելու Թեմի աշխարհական ապագայ գործիչներուն, հնարաւորութիւն  տալով անոնց մասնակցելու Եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ կրաւորական հանգամանքէն անցնելու Քրիստոսի այգիին նուիրուած յանձնառու  գործընկերներու դիրքին: Վերջապէս, Թեմին կողմէ  որդեգրուած նոր ուղղութիւններու եւ մօտեցումներու լոյսին ներքոյ, Սրբազանը ըսաւ, որ յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի  երիտասարդական բաժանմունքին, անոր վերակազմակերպման եւ երկարաժամկէտ տեսլականի ձեւաւորման, որովհետեւ հոգեպէս հասուն, մշակութային առումով հարուստ,  ինքնավստահ, ու մեր աւանդութիւններուն կառչած երիտասարդը երաշխիքն է  վաղուայ հայ քրիստոնէական կեանքին պահպանման ու յարատեւութեան :

Եզրակացնելով իր պատգամը Սրբազանը հրաւիրեց բոլորը Առաջնորդարանին եւ ծուխերուն առաքելութիւնը սահմանագծելու Smart Goal-ի պրիսմակին մէջ, իսկ Թեմական բոլոր ծրագիրները կեանքի կոչելու հետեւեալ մօտեցումով եւ որդեգրուած քայլերով․- Specific, Measurable, Achievable, Relevant and Time Basis. Սրբազան Հայրը յանձնարարեց, որ Արեւմտեան Թեմի 100 ամեակին ընդառաջ այս հեռանկարով ու տրամադրութեամբ, Լուսաւորչեան հաւատքով եւ Սուրբ Էջմիածնի յաւիտենական մեր ուխտով միասնաբար դառնալու ստեղծագործող, անցեալը ներկային ու ապագային կամրջող ապագայատեսիլ Եկեղեցի, միշտ՝  միասին սորվելով, միասին աղօթելով եւ միասին կառուցելով։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Արեւմտեան Թեմի ընդարձակածաւալ առաքելութեան ու ծառայութեան եւ ժողովուրդի բարօրութեան համար Անոր Հայրական աջակցութեան եւ քաջալերանքին համար: Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւորականաց դասին, Թեմական ժողովին եւ Ծխական խորհուրդներուն իրենց անսակարկ նուիրումին ու ծառայութեան համար: Վերջապէս, Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի անձնակազմին, գլխաւորութեամբ վարիչ տնօրէն Յարութիւն Սարկաւագ Մարգարեանին:

Միօրեայ Պատգամաւորական ժողովի ընթացքին բաց քննարկումներ կատարուեցան հետեւեալ երկու թեմաներուն շուրջ․- «Ինչպէ՞ս կրնանք քրիստոնէական հաւատքն ու մեր հարուստ ժառանգութիւնը վերածել կենդանի փորձառութեան» եւ «Հաւատքը Կիրակնօրեայ Սուրբ  Պատարագներէն անդին։ Ընկերային համացանցի օգտագործումը որպէս կամուրջ դէպի Եկեղեցի վերադառնալու համար»։

Ժողովական յաջորդ օրակարգերուն համաձայն, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Տիար Վարդան Նազիրեան եւ Առաջնորդարանի վարիչ տնօրէն Յարութիւն Սարկաւագ Մարգարեան յաջորդաբար փոխանցեցին իրենց զեկոյցները: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Պատգամաւորական 98-րդ ժողովը յետ քննարկման վաւերացուց Առաջնորդարանի 2026 թուականի պիւտճէն եւ կատարեց հետեւեալ ընտրութիւնները.-

Տէրիք Ղուկասեան

Վարուժան Ալթըպարմաքեան

Այտա Ասքիճեան

Քիմ Պարտաքճեան

Եուրի Ակոբեան

Փաթրիք Կոշտիկեան

Հոգշ Տ. Երեմիա Վրդ. Աբգարեան

Հոգշ. Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճեկեան

Արժ. Տ. Մանուկ Աւ. Քհնյ. Մարգարեան

Արժ. Տ. Շնորհք Քհնյ. Տէմիրճեան

Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Աշ

Պետրոս Անսէրեան

Սիւզի Գրիգորեան

Դոկտ. Արթին Քնաճեան

Արա Երկանյան

 

Իր փակման խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը երախտագիտական խօսք ուղղեց վեհափառ Հայրապետին Մայր Աթոռէն զոյգ միաբաններու մասնակցութեան համար, շնորհակալութիւն յայտնեց Թեմի հոգեւորականաց դասին, Թեմական ժողովին, պատգամաւորներուն, Ծխական խորհուրդներուն եւ յարակից բոլոր մարմիններուն իրենց նուիրումին, ծառայութեան, ցուցաբերած սիրոյն եւ աջակցութեան համար: Ան  գնահատեց Պատգամաւորական ժողովի ատենապետն ու փոխատենապետը եւ երախտիքի խօսքեր ուղղեց հիւրընկալ Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Մատակարար հովիւ՝ Բարեշնորհ Գէւորգ Սարկաւագ Գէւորգեանին, ծխական խորհուրդի անդամներուն եւ յատուկէն գնահատեց Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան անդամուհիները իրենց հիւրասիրութեան եւ ծառայութեան համար։ Սրբազանը տարուայ ծուխը յայտարարեց  Սրբոց Առաքելոց Հայաստանեայց Եկեղեցին: 2026 տարուայ Պատգամաւորական ժողովի վայր որոշուեցաւ Ֆրէզնօն։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Պատգամաւորական 98-րդ ժողովը վերջ գտաւ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի փակման աղօթքով։

Դիւան Առաջնորդարանի

Մայիս 6, 2025