ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ, ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՅ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵՊԱՐԱՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ, ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՅ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵՊԱՐԱՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
04 May 2025

St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more

DEMIRGIAN SCHOLARSHIP

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ, ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՅ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵՊԱՐԱՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ
Published - 25 April 2025

Տնօրինութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Թեմի եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս նշուեցան Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի ամենասրտագրաւ ու յուզականութեամբ լեցուն պահերն խորհրդանշող Աւագ Շաբթուայ եկեղեցական արարողութիւնները: Սրբազան Հայրը Ծաղկազարդի եւ Աւագ շաբթուան արարողութիւններուն նախագահեց Արեւմտեան Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ: 

Ծաղկազարդ

 

Արդարեւ, Կիրակի 13 Ապրիլն, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Ծաղկազարդի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, որ կը խորհրդանշէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը: Սուրբ Պատարագը մատուցեց Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ Արժ․ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեանը։ Հազարաւոր հաւատացեալներ համախմբուած էին ըմբոշխնելու օրուայ խորհուրդը եւ մասնակցելու աւանդական թափօրին: Սրբազան Հայրը ջերմութեամբ ընդունեց մեծ թիւով մանուկներու ներկայութիւնը, եւ ուրախութեամբ ողջունեց Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտութեան ու պատասխանատուներու մասնակցութիւնը Սուրբ Պատարագին, իր առատ օրհնութիւնները բաշխելով բոլորին: Սուրբ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Յիսուսի երկրորդ գալուստը եւ վերջին դատաստանը խորհրդանշող Դռնբացէքի արարողութիւնը, որու  ընթացքին, «Բա՛ց մեզ, Տէ՜ր, զդուռն ողորմութեան» շարականի երգեցողութեան ներքոյ, երկնային արքայութեան դուռը խորհրդանշող փակ վարագոյրին առջեւ ծնկաչոք թակեցին դուռը, աղիողորմ աղաչելով, որ Ամենակալը բանայ Երկնքի Արքայութեան դուռը։ Բոլոր հաւատացեալներուն անունով ծնկաչոք հոգեւորակաները յայտնեցին, թէ՝ խոստովանութեամբ եւ ապաշխարութեամբ միայն կարելի է Աստուծոյ Արքայութեան արժանի դառնալ։

Աւագ Հինգշաբթի

Աւագ Հինգշաբթի, 17 Ապրիլի առաւօտեան կատարուեցաւ Վերջին Ընթրիքի Սուրբ Պատարագը։ Օրուան պատարագիչն ու քարոզիչն էր Արժ. Տէր Նժդեհ Քահանայ Քէշիշեանը Մայր Տաճարի Օգնական Հովիւ եւ Մատակարար Հովիւ Նորդ Հոլիվուտի համայնքի

Նոյն օրը յետմիջօրէին, հանդիսապետութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Ոտնլուայի կարգ կատարուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, մասնակցութեամբ՝ Արժ․Տէր Մանուկ Աւագ Քահանայ Մարգարեանի, Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեանին եւ Հովիւի Օգնական Արժ. Տէր Նժդեհ Քահանայ Քէշիշեանի, հաւատացեալ ժողովուրդի ներկայութեան: Ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին, հոգեպարար շարականներ երգուեցան՝ դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ դպրապետ բարշ. ։ 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը սուրբ Խաչով օրհնեց իւղը։ Ապա, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի սիրոյ եւ խոնարհութեան արարքին համաձայն, Սրբազան Հայրը լուաց սարկաւագներուն, դպիրներուն եւ փոքրիկներուն ոտքերը։ Վերջին Ընթրեաց արարողութեան յաջորդող Ոտնլուայի հոգեթով եւ ուսուցանող արարողութեան աւարտին, Սրբազանը իր քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ Վարդապետը խոնարհեցաւ եւ լուաց Իր աշակերտներուն ոտքերը, անոնց փոխանցելու պատգամը՝ կեանքն ապրելու հեզութեամբ ու խոնարհութեամբ:  Սրբազանը աւելցուց, որ Ոտնլուայի պատկերը կարծրացած սրտերու բալասան է, եւ թէ՝ Քրիստոսի բովանդակ կեանքը խոնարհութեան դաս է եւ Ինք նոյնը ընել պատգամեց բոլորիս: Հարիւրաւոր մանուկներ մասնակցեցան նուիրական այս արարողութեան։ Հաւատացեալները, հոգեկան ցնծութեամբ եւ օրհնուած իւղ ստանալով վերադարձան իրենց տուները:

Աւագ Հինգշաբթի, 17 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ, մասնակցութեամբ հոգեւորականներու եւ սարկաւագներու, կատարուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներուն՝ Խաւարման Գիշերի յուզումնախառն արարողութիւնը, հոծ հաւատացեալներու ներկայութեամբ:

Արարողութեան խորհրդաւոր շարականներուն քաղցրահունչ երգեցողութիւնը կատարեցին Մայր Տաճարի սարկաւագներն ու դպիրները: Եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ կարդացուեցան եօթ Աւետարաններ: «Փառք Ի Բարձունս»-ի պահուն, եկեղեցւոյ ջահերը մարուեցան եւ հոգեպարար կերպով հնչեց «Ուր Ես Մայր Իմ» սրտառուչ տաղը։ Աւարտին հաւատացեալներուն իր պատգամը փոխանցեց Սրբազան Հայրը, որ յայտնեց, որ Խաւարման արարողութեան ամբողջ ընթացքը իր մէջ կ՛ամփոփէ եւ ի մասնաւորի մեզ կը ներկայացնէ հոգիները պայծառակերպող պատկերներ, ինչպիսիք են Վարդապետին աղօթանուէր ներկայութիւնը Գեթսէմանիի պարտէզին մէջ, Գողգոթայի ճանապարհին Իր ուսին վրայ կրած խաչին ծանրութիւնը մինչեւ խաչելութիւն: Սրբազանը աւելցուց, որ այդ պատկերին մէջ պիտի տեսնենք մեր կեանքի պատկերը եւ մեզի տրուած Քրիստոսաւանդ սիրոյ կտակը, որուն մէջ ամփոփուած է մեր կեանքին նպատակն ու առաքելութիւնը: 

Աւագ Ուրբաթ

Աւագ Ուրբաթ, 18 Ապրիլ 2025-ի յետմիջօրէին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականներու, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ  կատարուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի թաղման կարգը: Հաւատացեալ ժողովուրդին օրուան խորհուրդը փոխանցեց Սրբազան Հայրը: Բարձրաշնոր Սրբազանը ըսաւ.«Աղօթքով ներկայ ըլլալ Քրիստոսի թաղման արարողութեան, կը նշանակէ մեր մէջ խեղդել ու թաղել մեղքին ծանրութիւնը: Փառաւորել Անոր թաղումը կը բացատրէ մեր հոգեւոր ուրախութիւնը, քանզի Քրիստոսով ձերբազատուած ենք մեղքի բեռէն ու ծանրութենէն եւ ակնդէտ կը սպասենք Անոր հրաշալի Յարութեան: Սրբազանը շեշտեց, որ Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ ծնրադիր մենք կը տօնենք հորիզոնէն անդին մեզ սպասուած կեանքը, որուն արմատը Քրիստոսի Յարութիւնն է:  Սրբազանը հրաւիրեց բոլորը «երկիւղած աղօթքի մէջ ըմբռնելու այն գերագոյն  ճշմարտութիւնը, որ մեր նախնիք քայլեցին անապատի սաստիկ տաք աւազներուն վրայ, ուր իրենց մարմինները թաղուեցան, սակայն անոնց յարութեան տեսլականը չգերեզմանուեցաւ: Ուրեմն, Քրիստոսով ապրուած իրական կեանքը մշտապէս իր մէջ կը կրէ աստուածային լոյսը, յարութեան շունչը՝ ստեղծելու նոր կեանք, նոր ընտանիք եւ լուսապայծառ ապագայ:  Յիսուս Քրիստոսի խորհրդանշական դագաղը զարդարուած էր խաչերով, խնկամաններով, մոմակալներով ու ծաղիկներով: Պահը նուիրական էր եւ սուրբ, նուիրագործուած բոլորի մասնակցութեամբ:

Աւագ Շաբաթ

Աւագ Շաբաթ, 19 Ապրիլ 2025-ի յետմիջօրէի, հանդիսապետութեամբ՝ Բարեջան Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի մատուցուեցաւ Սուրբ Յարութեան Ճրագալոյցի Պատարագը։


Նախքան Պատարագը Մայր Տաճարի դպիրները օրուան խորհուրդին առնչուող Սուրբ Գրային համարներ ընթերցեցին։ Պատարագիչն էր՝ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ Արժ․ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեանը։ Դպրաց դասն ու հաւատացեալները քաղցրահունչ երգեցողութեամբ փառաբանեցին Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը։ Յարութեան ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագի աւարտին Սրբազան Հօր հանդիսապետութեամբ, հաւատացեալներ վառած մոմեր ի ձեռին ունկնդրեցին Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան աւետումը կատարող «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց» շարականը։ Սրբազան Հայրը յարութեան աւետումը կատարելէ ետք, օրհնեց ներկայ բազմութիւնը եւ իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները յայտնեց բոլորին։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, զատկական շնորհաւորութիւններէ յետոյ Առաջնորդ Սրբազանը ի մասնաւորի գնահատանքի արժանացուց Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեանը, «Շնորհալի» Դպրաց Դասն ու սարկաւագները, ինչպէս նաեւ Ծխական Խորհուրդը իրենց մատուցած բացառիկ ծառայութեան համար։

Զատիկ - Սուրբ Յարութեան Տօն



Կիրակի, 20 Ապրիլ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի բերկրալի ղօղանջներուն ներքոյ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն:

Պատարագին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան  Լոս Անճելըսի Գլխաւոր Հիւպատոս  Տիար Կարէն Իսրայէլեանը, Թեմական Խորհուրդի անդամներ գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիար վարդան Նազիրեանի, Փոխ Ատենապետ Տիար Տէրիք Ղուկասեանի, եւ Թեմական զանազան յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ, համայքային, մշակութային, բարեսիրական, կրթական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն: Սուրբ պատարագին ներկայ էր նաեւ ազգային բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Վաչէ Մանուկեան, Տէր եւ Տիկին Էրիք Իսրայէլեան, Տիար Զաւէն Աքեան, Մայր Տաճարի գլխաւոր կնքահայր Տօքթ եւ Տիկին Արամայիս Պարոնեան։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Սրբազան Հօր առընթերականերն էին՝ Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեանն ու Հովիւի Օգնական Արժ. Տէր Նժդեհ Քահանայ Քէշիշեանը:


Մայր Տաճարի զոյգ դպրաց դասերը հոգեպարար կերպով Սուրբ Յարութեան տօնի շարականները երգեցին, ղեկավարութեամբ՝ «Խաչատուրեան»ի դպրապետ Բարեշնորհ Ստեփան Սրկ․ Կէօզիւմեանի եւ Շնորհալի»ի դպրապետ՝ Բարեշնորհ Արթիւր Սրկ․ Վարդանեանի։

Սրբազան Հայրը Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ընտրելով «Զի արդ ժամ իսկ է ի մեզ ի քնոյ զարթնուլ» (Հռ 13:11) ։ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ «Յարութեան Կիրակիի առաւօտը՝ արշալոյսն է մեր նոր կեանքին: Քրիստոսի յարութեան հրաշալի խորհուրդով քրիստոնեային կեանքը յաւերժութեան առաջնորդող վառ յոյսերու նոր ծնունդ մը կ՛արձանագրէ: Եւ երբեք չփորձենք բառերու մէջ սահմանափակել «խորհուրդ խորին»ը Քրիստոսի յարութեան, քանզի Անոր յարութեան մէջ կը գտնենք հոգեւոր այն ներուժն ու ձգտումը, որ ամբողջութեամբ կը կերպարանափոխէ մարդու ողջ ներաշխարհը եւ կ՛ապրինք ներքին ուրախութեան անբացատրելի զգացողութիւնը: Եւ այս է դրդապատճառը այն պատգամին, որն մեզ կը հաղորդէ Պօղոս Առաքեալը հետեւեալ սրտաբուխ ու աղօթաբիւր բառերով.- «Զի ինձ կեանք Քրիստոս է»  (Փիլպ.1:21)։ Բարձրաշնորհ Սրբազանը յիշեցուց, որ Առաքեալի այս պատգամը իր մէջ է ամփոփած Քրիստոսի յարութեան խորհուրդը, «որպէզի փարատենք մեր մէջ ծրարուած խաւարը եւ ամենուրէք եւ բոլորին համար դառնանք սիրոյ ապրող ու կենսագործող պատգամը: Այս է հրամայականը ուղղուած բոլորիս, որպէսզի մեր շրթներուն վրայ արձանագրուի միայն բարին հաղորդող խօսքեր, եւ մեր սրտերը դարձնենք շարժիչը՝ Աւետարանէն ճառագայթող խրատականներուն»: 

Իր քարոզի աւարտին Թեմակալ Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Սրբազանը հրաւիրեց բոլորը «մեր հոգու հայեացքը ուղղելու դէպի Յարուցեալ Քրիստոս, որպէսզի Անոր յաղթական քայլերու առաջնորդութեամբ արարենք նոր արշալոյսը մեր կեանքին: Մեր կեանքի նոր արշալոյսը կը կերտենք, երբ մեր մանուկներուն հոգին կը լեցնենք Աստուածսիրութեամբ ու աղօթքով: Մեր կեանքի արշալոյսը կը կերտենք, երբ մեր երիտասարդներուն հոգին կը կապենք Մայրենի երկրին ու անոնց կը հաղորդենք տեսիլքը՝ գերագոյն այն ճշմարտութեան, որ հայ քրիստոնեայ ընտանիքի ներկայութիւնը խորհրդանիշն է ու մանրակերտը Սուրբ Էջմիածնին ու Մայր Հայաստանին: Վերջապէս, մեր կեանքի արշալոյսը կը կերտենք, երբ միասնակամ խնկաբոյր աղօթք կը դառնանք, որուն մէջ կը տեսնենք պատկերը՝ Քրիստոսի հրաշալի Յարութեան»: 

Պատարագէն ետք, զոյգ դպրաց դասերը հոգեկան ցնծութեամբ երգեցին «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց» շարականը։ Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի Մայր Տաճարի «Թրփանջեան» շրջափակ, ուր հազարաւոր հայորդիներ  Յարութեան տօնին առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին։

Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիները, Մեծ Պահոց շրջանի, Ծաղկազարդի, Աւագ Շաբթուայ ու Սուրբ Յարութեան արարողութիւնները կատարեցին ամենայն բծախնդրութեամբ, պահպանելով առաքելահաստատ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ կարգերն ու աւանդութիւնները։ Մեր Հոգեւոր Հովիներուն շուրջ համախուած սարկաւագներն ու դպիրները, Թեմական յարակից բոլոր մարմինները, եւ մեր ժողովուրդի զաւակները անգամ մը եւս եկան հաստատելու, թէ՝ հաւատարիմ պաշտպաններն են Աւետարանական ճշմարտութիւններուն, տարածիչները՝ յարութեան յաւերժական լոյսին, ու պահապանները՝ Մայրենի Եկեղեցւոյ ու մեր Ազգի հոգեմտաւոր գանձերուն ու արժէքներուն։

Զատկական տօնին առիթով Առաջնորդ Սրբազանը յանուն հոգեւորականաց դասին եւ Թեմական պատկան մարմիններուն աղօթք բարձրացուց Վեհափառ Հայրապետին` Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի քաջառողջութեան համար։ Այնուհետեւ իր գնահատանքի խօսքն ուղղեց անխտիր բոլորին։

Դիան Առաջնորդարանի

Ապրիլ 22, 2025