St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more
Սիրելի՛ հայորդիք,
Բոլորս ալ իրազեկ ենք, թէ ինչ կատարուեցաւ Արցախահայութեան հետ վերջին շաբաթներու եւ օրերու ընթացքին։ Մեր 100,000-է աւելի Արցախահայ քոյրերն ու եղբայրները բռնի տեղահանութեան զոհ դարձած են եւ այժմուս Հայաստան կը գտնուին։ Փառք Աստուծոյ, որ ցեղասպանութենէ մազապուրծ մեր հայրենակիցները՝ տառապեալ եւ սգաւոր, Մայր Հայաստանի մէջ իրենց անմիջական հոգածութիւնը կը ստանան պետական աջակցութեան, միջազգային եւ տեղական կազմակերպութիւններու եւ անհատ բարերարներու շնորհիւ՝ անշուշտ նաեւ զօրակցութեամբ մեր Ս․ Եկեղեցւոյ, Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի։
Մեր ազգի պատմութեան մէջ խոր ցաւ պատճառող իրավիճակ է ասիկա եւ մեր բոլորիս հոգու պարտքն է օգնութեան ձեռք մեկնել Արցախահայութեան, ովքեր այսօր խիստ կարիքներու մէջ են։
Արդ, մեր սրտագին խնդրանքն է, որ Ձեր առ Աստուած բարձրացրած աղօթքները հայրենիքի խաղաղութեան եւ բարօրութեան համար նաեւ գործնական արտայայտութիւն ունենան մարդասիրական առաքելութեանն ի նպաստ նուիրաբերումներով։
Արցախահայ գաղթականերուն օգնութեան նպատակով Ձեր սրտաբուխ նուէրը կրնաք ուղարկել հետեւեալ հասցէով․
Western Diocese of the Armenian Church of North America
3325 N. Glenoaks Blvd
Burbank, CA 91504
Memo: Artsakh Refugee Fund
Թող Աստուած վարձահատոյց ըլլայ Ձեզ եւ մշտապէս օրհնէ բարի կամեցողութեան եւ հայրենասէր ոգու համար։
Մնամք սիրոյ ողջունիւ,
Աղօթարար՝
Յովնան Արք․ Տէրտէրեան, Առաջնորդ
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի