ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԳՕՏԵՊՆԴՈՒԷ՛Ք ԵՒ ՅՈՅՍՈՎ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒԷ՛Ք ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԳՕՏԵՊՆԴՈՒԷ՛Ք ԵՒ ՅՈՅՍՈՎ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒԷ՛Ք- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
15 May 2025

St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more

DEMIRGIAN SCHOLARSHIP

ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԳՕՏԵՊՆԴՈՒԷ՛Ք ԵՒ ՅՈՅՍՈՎ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒԷ՛Ք
Published - 22 September 2023

Մեր ազգի ու հայրենական կեանքի մէջ կ’ապրինք խոր ցաւ պատճառող օրեր, երբ ականատես կը դառնանք այն դառն իրականութեան, թէ ինչպէս Արցախը մատնուած է կորուստի՝ թշնամու անխնայ հարուածներու ներքոյ։

Որոշապէս պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, երբ կը տեսնենք մեր ժողովուրդի տառապանքն ու տեղահանութիւնը իր պապենական հողերէն, նահատակուող երիտասարդներ ի սէր հայրենական հողին։

Այս իրավիճակին մէջ մեզի կը մնայ աղօթքով զօրանալ, ամրանալ հաւատքի մէջ, որպէսզի մեր մարդասիրական արարքներով յոյս ներշնչենք մեր ժողովուրդի զաւակաց, ովքեր այսօր պէտք ունին մեր զօրակցութեանը։ Այս դժուարին պահին մնանք պատգամաբերը խաղաղութեան, ապահովելու համար մեր ներքին միասնականութիւնը, որպէսզի դիմագրաւենք մեր կեանքի մէջ անվերջանալի փորձութիւնները։ Երանաշնորհ Վազգէն Վեհափառը երբ կը խօսի հայրենիքի մասին, հետեւեալ խորհրդածութիւնը կը կատարէ. «Հայրենիք ստեղծելը հերոսութիւն է, իսկ հայրենիք շէնացնելը՝ առաքինութիւն»։

Այս օրերուն, երբ պիտի տօնախմբէինք հայրենիքի անկախութեան տարեդարձը, տխուր են մեր հոգիները, բայց մեր խնդրանքն ու կոչն է, որ յոյսի մէջ մնանք, տեսիլքով ապրինք, մերժենք տկարութիւնը եւ ամենէն կարեւորը՝ իրարմով զօրանանք, որպէս նախապայման գալիքը յաղթանակով պսակելուն։

Աղօթեցէ՛ք յարատեւօրէն, եւ սակայն, նախապատրաստուինք, որ գալիք օրերուն, երբ մեր կոչը յղենք ձեզի, մարդասիրական ձեր զօրակցութիւնը ցուցաբերէք Արցախահայութեան, որոնց հաւատքի դրսեւորումը այս տագնապալի օրերուն անկասկած կը յուսադրէ մեզ։

Աղօթենք մեր նահատակներուն համար։ Աղօթենք մայրերու համար, ովքեր իրենց սրտի մօտ կը պաշտպանեն նոր ժամանակներու քաջարի մեր սերունդները։

Հաւատքը մեզ պիտի ամրապնդէ։ Մեր խնդրանքն է առ Աստուած, որ պահէ ու պահպանէ մեր հողը հայրենական։ Թող մեր աղօթքն ըլլայ գործնական, որպէսզի տէրը  կանգնինք հայրենի հողին՝ մեզի վստահուած թանկագին ժառանգը մեր նախնեաց։

 

Յովնան Արք. Տէրտէրեան

Սեպտեմբեր 21, 2023