Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԵԱՒ Տ․ ՎԱՉԷ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԸ Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԵԱՒ Տ․ ՎԱՉԷ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԸ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
15 May 2025

St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more

DEMIRGIAN SCHOLARSHIP

Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԵԱՒ Տ․ ՎԱՉԷ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԸ
Published - 21 December 2022

Այսու կուգանք խոր ցաւով յայտնելու վախճանումը Հայաստանեայց Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ երիցագոյն եւ վաստակաշատ հոգեւորականերէն եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան՝ Տ․ ՎԱՉԷ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՍ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԻ։

Հոգելոյս Տ. Վաչէ Արքեպիսկոպոս Յովսէփեանի Վերջին Օծման եւ Թաղմանական արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28-ին առաւօտեան ժամը 9։00, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Սբ. Պատարագի եւ ննջեցեալ Սրբազանի Վերջին Օծումէն, ապա գերեզմանատան Թաղման արարողութենէն անմիջապէս յետոյ տեղի պիտի ունենայ Հոգեճաշ Առաջնորդարանի Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան սրահին մէջ։

«Փոխան ծաղկեպսակի» նուիրատուութիւնները պիտի կատարուին Արեւմտեան «Թեմի Վաչէ Արք. Յովսէփեան» անունը կրող Ամառնային ճամբարին: Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։