ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎՆԵՐ/ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ԹԵՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԵՒ ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԵՒ ԹԵՄԻ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՅԱՆՁԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՀԵՏ ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎՆԵՐ/ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ԹԵՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԵՒ ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԵՒ ԹԵՄԻ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՅԱՆՁԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՀԵՏ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
07 July 2025

St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more

DEMIRGIAN SCHOLARSHIP

ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎՆԵՐ/ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ԹԵՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԵՒ ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԵՒ ԹԵՄԻ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՅԱՆՁԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՀԵՏ
Published - 22 May 2020

Անցնող երկու և աւելի ամիսներու ընթացքին Աշաջնորդ Սրբազան հայրը կանոնաւոր կերպով առցանց կազմակերպուած պահեց իր ժողովական կեանքն ու հանդիպումները թեմի հոգևորականաց, Թեմական խորհուրդի, Ծխական խորհուրդներու և Առաջնորդարանի ենթայանձնախումբերուն հետ։ Այս նոր մօտեցումը ենթահող կը պատրաստէ, որ երբ բնականոն կեանքի վերադառնանք, կարելի ըլլայ արդիւնաւորել աշխատանքները առաւելագոյն չափերով։

Ժողովական այս դրոյթը յառաջիկայ շաբաթներուն կամ ամիսներուն պիտի շարունակուի, որպէսզի կարելի ըլլայ միաւորուած պահել թեմի հաւատացեաները։ Ժողովներու հետ համատեղ շարունակուեցան նոյնիսկ առցանց ձեռնարկներն ու դպրոցները։ Երևոյթն իրօք դրական է և խրախուսող այն իմաստով, որ արտաքին խանգարող ազդակները երբևէ չեն կրնար խանգարել մեր առաքելական կեանքը։

Սոյնը կը բերենք մեր հաւատաւոր ժողովուրդի ուշադրութեանը առ ի տեղեկութիւն։

Դիւան Առաջնորդարանի

Մայիս 18, 2020

Պըրպենք