St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more
2018 թուականը Հայոց Հայրապետի կողմէ հռչակուեցաւ Երիտասարդութեան Տարի՝ այն սպասումով, որ մենք ազգովին մեր աղօթքն ու մտասեւեռումը կեդրոնացնենք երիտասարդութեան վրայ՝ զայն դարձնելով մեր հիմնական առաքելութիւնը։ Մեր նպատակն անփոփոխ է․ երիտասարդութեան մտքի եւ հոգու մէջ ամրագրել հայ քրիոստոնեայի նկարագիրը, որը կը թելադրէ կեանքն ապրիլ Աստուծոյ սիրով, Քրիստոսի Աւետարաններէն ճառագայթող պատգամներով, դառնալ Հայ Եկեղեցւոյ ապրող մասնիկը, ծառայել Հայրենիքին ու Սբ. Էջմիածնին, ապրիլ մեր նախնեաց հաւատքով եւ, վերջապէս՝ հայ ընտանիքը դարձնել ողնասիւնը մեր գոյութենականութեան:
2001-էն ասդին, ՀԵՀԵՄ-ը երկար ճամբայ անցած է։ Շնորհակալ ենք, սիրելի՛ երիտասարդներ, որ 17 տարի շարունակ բաժնեցիք այդ ճամբան մեզի հետ առանց տրտունջքի կամ յուսահատութեանց՝ հաւատալով այս նուիրական առաքելութեան յաջողութեանը։
Մենք լաւ կը յիշենք, թէ ինչպէս Վեհափառ Հայրապետի յանձնարարութեամբ, նախաձեռնարկ եղանք այս աշխատանքին՝ հանդիպումներ կազմակերպելով աշխարհի չորս կողմը սփռուած մեր երիտասարդներուն հետ։ Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկաներէն մինչեւ Եւրոպա, Ռուսաստան եւ Հայաստան մեր հարիւրաւոր ճամփորդութիւններու ընթացքին՝ նախ մէկ-երկու հոգիով, ապա քիչ մը աւելի մեծ խումբերով, հետզհետէ մեծցանք թիւով եւ դարձանք համահայկական պատկառելի կառոյց մը։
Մեր համաժողովներու, շրջանային հաւաքներու եւ աշխատանքային հանդիպումներու ընթացքին անընդհատ շեշտեցինք եւ քանիցս յստակեցուցինք մեր ակնկալիքները, առ այն, որ Հայ երիտասարդը Աստուծոյ կողմէ իրեն շնորհուած կեանքը պարտ է ապրիլ գիտակից հաւատքով՝ այն դարձնելու համար համակ ծառայութիւն: Բացատրեցինք, որ էականն ազգային ինքնութեանը հոգեւոր նկարագիր ընծայելն է, որպէսզի կեանքը չդառնայ նման խոտին, որ հողէն ծիլ կ՚առնէ, կ՚աճի, կը չորնայ եւ ապա փոշիանալով յօդս կը ցնդի:
Մեր հոգեւոր ծառայութեան գրեթէ չորս տասնամեակներուն մենք պատեհութիւնն ունեցանք մօտիկէն ճանչնալու սերունդներ, որոնց մէջ տեսանք ե՛ւ հաւատք ե՛ւ տեսիլք ե՛ւ իմաստութիւն ե՛ւ կարողականութիւն։ Դուք մեծցաք ու հասակ առիք մեր սուրբ եկեղցւոյ շուքին տակ՝ սնելով անոր մշտահոս եւ կենարար աղբիւրէն։ Շատերդ բոլորեցիք դպրոցական շրջանը եւ դարձաք հմուտ մասնագետներ Ձեր ընտրած ասպարէզներուն մէջ։ Կայացաք՝ անհատապէս եւ որպէս՝ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորում։ Հիմա, շատ բնականօրէն, աւելին կը սպասենք ձեզմէ, որպէսզի Աստուծոյ կողմէ տրուած կեանքը հրաշագործէք եւ առաւել զօրացնենք մեր Սբ. Եկեղեցին ու Հայրենիքը: Հիմա հունձքի ժամանակն է։ Այլեւս պարտիք ինքնուրոյնօրէն ձեր քայլերը կատարել, ինքնակազմակերպուիլ, ձեր մտաւոր, հոգեւոր, մասնագիտական եւ նիւթական ներդրումը բերել այս սրբազան առաքելութեան՝ միշտ նախաձեռնողի դերին մէջ մնալով։
Դուք կանչուած էք դառնալու Հայ Եկեղեցւոյ տանտէրը։ Բայց պէտք է աշխատանքով շահիք ձեր տանտիրոջ իրաւունքը։ Այսինքն, եթէ կ՛ուզէք ապրեցնել Հայ Եկեղեցին, ապա պէտք է գիտնաք զոհուիլ յանուն եւ ի սէր անոր սրբութիւններու։ Գիտէք, թէ ինչպէս ընտանիքի հայրը կը յոգնի, կը չարչարուի, որպէսզի պահէ իր ընտանիքը, հաց հասցնէ իր զաւակներու եւ ուսում տայ անոնց։ Դուք ալ պարտականութիւն ունիք ձեր մէջ ստեղծելու տանտէրի, պահապանի, հոգատորողի եւ հովանաւորի գիտակցութիւնը։ Կազմակերպեցէ՛ք ձեր կեանքը ամենալաւ ձեւով, ձեր ուսումնական եւ մասնագիտական կեանքը լեցուցէ՛ք յաջողութիւններով, տիրէ՛ք այն ասպարէզը ուր կոչուած էք գործելու եւ ամո՛ւր եղէք պողպատի պէս։ Անտեղեակ մի՛ մնաք ձեր միջավայրի հասարակական, քաղաքական, մշակութային գործընթացներէ, եւ մանաւանդ՝ անմասն մի՛ մնաք անոնցմէ։ Եղէ՛ք մրցունակ բառիս ամենալայն իմաստով եւ մի՛ դադրիք խիզախել։ Հիմա՛ է ձեր ժամանակը, այդ ժամանակը հասած է։ Այն ինչ ապագայ կը թուար ըլլալ տակաւին երեկ, այսօր ներկայ է արդէն՝ ձեր ներկայութեամբ։
Մենք այսօր պարզ կոչ մըն է, որ կը յղենք, որպէսզի դուք ձեր կեանքը վերածէք առաքելութեան՝ ձեր մէջ ապրեցնելու համար հոգեւոր, ազգային ու բարոյական սկզբունքները եւ ձեր կեանքի ընթացքը դարձնէք կատարելութեան ձգտող յաղթուղի:
Ի՞նչպիսի մարտահրաւէրներ կը թելադրէ «Երիտասարդութեան Տարին»։
Ամենէն մեծ մարտահրաւէրը ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ՝ ամենուրէք, կը մնայ արդի բարոյական եւ աշխարհիկ անյարիր բարքերու նկատմամբ՝ մեր ազգային հոգեւոր արժէքներու գերակայութեան կատարեալ ընդունումը։ Այն, որ հայ երիտասարդութիւնը պիտի ապրի Հայրենիքի տեսիլքով ու մեր Սբ. Եկեղեցւոյ հաւատքով՝ գործնական քայլերու որդեգրութեամբ:
Ո՞րոնք են այն հիմնական քայլերը, որոնք կեանքի պիտի կոչեն «Երիտասարդութեան Տարին»։
Ձեզի, սիրելի հայ եկեղեցասէր երիտասարդներ, կը տրուի հիմնական ուղղութիւն մը, որպէսզի Հայաստան – Սբ․ Էջմիածին ուխտագնացութեամբ ձեր կեանքը ուղղորդէք դէպի Աստուած, դէպի հաւատքով նուիրագործուած հողը հայրենական, դէպի մեր ժողովուրդը, դէպի մեր պատմութիւնը: Դուք այս համախմբումին մէջ պիտի աղօթէք միասին, միմեանցով պիտի զօրանաք ու ամրապնդուիք, ձեր համայնքերուն մէջ, պիտի ընդարձակէք Եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող երիտասարդական կառոյցները եւ ճարտարապետները դառնաք նոր Եկեղեցւոյ:
Ուրեմն, այս ուխտագնացութիւնը, որը կը զուգադիպի նաեւ Սարդարապատի ճակատամարտի 100-ամեակին եւ միաժամանակ Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին, արթնութեան, հոգեւոր եւ ազգային զարթօնքի կոչ է ուղղուած բոլորիս, որպէսզի այսօրուընէ սկսեալ կեանքն ապրինք նոր տեսիլքներով ու յանձնառութիւններով՝ միշտ հաղորդակից աստուածային սիրոյն եւ իմաստութեան:
Հայաստանն ու Սբ. Էջմիածինը մեր էութեան լոյսն են ու ճանապարհը: Հայաստանով եւ Սբ. Էջմիածնով ենք ամուր եւ վճռակամ: Մեր կեանքը, աշխարհի որ ծագին ալ գտնուինք, իր հայեացքը պիտի ուղղէ դէպի մեր գերագոյն սրբութիւնները՝ Հայաստան, Սբ. Էջմիածին, որովհետեւ պատմութիւնը կը վկայէ այն դառն ճշմարտութիւնը, որ ո՛րբ է հայը առանց Հայաստան ու Սբ. Էջմիածին: Հետեւաբար, մեր ուխտագնացութիւնը պիտի արժեւորենք դառնալով մեծ ընտանիք՝ սիրով միաբանուած, հայրենական տեսիլքով, ծառայութեան եռանդով, զոհողութեան ու ստեղծագործ կեանքի գիտակցութեամբ:
Դուք այս բոլորը ունիք ձեր մէջ, սնունդ տուէք ձեր հոգիին մինչեւ խորքը արմատացած ապրումներուն, որպէսզի ձեր մէջ ծնի հրաշակերտ հացը:
Յովնան Արքեպիսկոպոս