Primate Homilist at St. Yeghiche Armenian Church in London Primate Homilist at St. Yeghiche Armenian Church in London- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
07 July 2025

St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more

DEMIRGIAN SCHOLARSHIP

Primate Homilist at St. Yeghiche Armenian Church in London
Published - 2 March 2018

On February 25, 2018, His Eminence Archbishop Hovnan Derderian, Primate of the Western Diocese of the Armenian Church of North America, was the homilist at St. Yeghiche Armenian Apostolic Church in London, England.

We present the Primate’s homily (in Armenian) in its entirety.

Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութեան քառասուն օրերու ընթացքը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ հաստատուած է յատուկ նպատակով մը, որպէսզի ե՛ւ հոգեւորականը ե՛ւ աշխարհիկ հաւատացեալը ինքզինքին առիթը ընծայէ նորոգուելու հոգեւորապէս, ամրացնելու իր հաւատքի կեանքը, որ իր ամբողջա-կան մտասեւեռումը կեդրոնացնէ Աստուծոյ վրայ: Այստեղ պէտք է յիշել Շնորհալի Հայրապետի աղօթքի հետեւեալ բառերը, որոնք որոշակիօրէն կը բացատրեն այն մտածումը, որ քրիստոնեայ մարդը առհասարակ եւ ի մասնաւորի Մեծ Պահքի ընթացքին ամբողջութեամբ յանձնատու ըլլալու է Աստուծոյ իր կեանքով, իր հոգու ամբողջ զօրութեամբ, դառնալու համար նոր մարդ ի Քրիստոս:

«Քեզ յանձն առնեմ զանձն իմ. դու հոգա եւ պատրաստեա
զպէտս հոգւոյ եւ մարմնոյ իմոյ»:

Ահաւասիկ այս նպատակով ալ պատրաստուած քառասուն օրերու աղօթքն ու պահեցողութեան շրջանը մեր հոգեւոր նկարագիրը կը զօրացնէ աւե-տարանական պատգամներու սննդառութեան եւ Քրիստոսի կեանքի օրինակին հետեւելու բարի միտումով:

Եւ եթէ օր առ օր մեզի տրուած աւետարանական պատգամներով, հոգեւոր  սերտողութիւններով եւ պահեցողութեամբ զարդարենք մեր հոգեւոր կեանքը, ապա այն ժամանակ ոչ միայն մենք մեզի առիթը կ՚ընծայենք վերարժեւորելու մեր կեանքը, քննելու մեր կեանքի ընթացքը՝ իր բոլոր երեսներով, այլեւ՝ որոշում կայացնելու կեանքը ապրելու Աստուծոյ կամքին համաձայն: Եւ Աստուծոյ կամքը կ՚արտացոլէ մեզի տրուած եւ հասած աւետարանական պատգամներու ամբող-ջութեանը մէջ:

Այս Կիրակին մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ յիշատակուած է «Անառակ Կիրակի» տիտղոսագրումով եւ օրուան աւետարանական դասը մեզի կը հաղորդէ ներողամտութեան ոգին.   

«Մարդ մը ունէր երկու որդի: Անոնցմէ կրտսերը ըսաւ հօրը. «Հա՛յր, տո՛ւր ինծի քու ունեցածէդ ինծի վիճակուելիք բաժինը»: Ան ալ բաժնեց անոնց իր ունեցածը: Շատ օրեր չանցած՝ կրտսեր որդին ժողվեց բոլոր բաները, մեկնեցաւ հեռաւոր երկիր մը, ու հոն փճացուց իր ունեցածը՝ անառակութեամբ ապրե-լով:  Երբ ծախսեց ամէնը՝ սաստիկ սով մը եղաւ այդ երկրին մէջ, եւ ինք սկսաւ կարօտութեան մէջ ըլլալ: Ուստի գնաց՝ այդ երկրին քաղաքացիներէն մէկուն քով մտաւ. ան ալ իր արտը ղրկեց զայն՝ խոզ արածելու համար:  Կը ցանկար խոզերուն կերած եղջիւրէն իր փորը լեցնել, բայց ո՛չ մէկը կու տար անոր:  Եւ ինքնիրեն գալով՝ ըսաւ. «Քանի՜ վարձկաններ կան հօրս տունը՝ հացով լիացած, ու ես հոս սովամահ կը կորսուիմ:  Կանգնիմ, երթամ հօրս քով եւ ըսեմ անոր. «Հա՛յր, մեղանչեցի երկինքի դէմ ու քու առջեւդ,   եւ ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու. ըրէ՛ զիս վարձկաններէդ մէկուն պէս»:  Ուստի կանգնեցաւ ու գնաց իր հօր քով: Մինչ ինք դեռ շատ հեռու էր՝ հայրը տեսաւ զայն եւ գթաց. վազելով՝ անոր վիզին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զայն: Որդին ալ ըսաւ անոր. «Հա՛յր, մեղանչեցի երկինքի դէմ ու քու առջեւդ, եւ ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու»:  Բայց հայրը ըսաւ իր ծառաներուն. «Հանեցէ՛ք առաջին պարեգօտը եւ հագցուցէ՛ք անոր, մատանի՛ դրէք անոր ձեռքը ու կօշիկներ՝ անոր ոտքերը: Եւ բերէ՛ք պարարտ զուարակը, մորթեցէ՛ք, ուտե՛նք ու զուարճանա՛նք.  որովհետեւ այս որդիս մեռած էր՝ եւ վերապրեցաւ, կորսուած էր՝ ու գտնուեցաւ»: Եւ սկսան զուարճանալ:

Անոր երէց որդին արտն էր. երբ եկաւ ու մօտեցաւ տան, լսեց նուա-գարաններու եւ պարերու ձայնը,  ու իրեն կանչելով ծառաներէն մէկը՝ հարցա-փորձեց թէ ի՛նչ էր այդ:  Ան ալ ըսաւ անոր. «Եղբայրդ եկաւ, ու հայրդ մորթեց պարարտ զուարակը, որովհետեւ ողջ առողջ վերստացաւ զայն«:  Իսկ ինք բարկացաւ եւ չէր ուզեր ներս մտնել. ուստի իր հայրը դուրս ելլելով՝ կ՚աղաչէր անոր:  Ան ալ պատասխանեց իր հօր. «Ահա՛ այսչափ տարի է՝ որ կը ծառայեմ քեզի, ու բնա՛ւ քու պատուիրանդ զանց չըրի. սակայն երբե՛ք ուլ մը չտուիր ինծի՝ որ զուարճանայի բարեկամներուս հետ:  Բայց երբ եկաւ այդ որդիդ՝ որ լափեց քու ունեցածդ պոռնիկներու հետ, մորթեցիր անոր պարարտ զուարակը»:  Ան ալ ըսաւ անոր. «Որդեա՛կ, դուն միշտ ինծի հետ ես, ու ամբողջ ունեցածս քո՛ւկդ է: Սակայն պէտք էր զուարճանալ եւ ուրախանալ, որովհետեւ այս եղբայրդ մեռած էր՝ ու վերապրեցաւ, կորսուած էր՝ եւ գտնուեցաւ»:

Այս առակը մեզի կը ներկայացնէ մարդկային կեանքի թատերաբեմը, ուր մարդիկ դերակատարներ են իրենց վստահուած պաշտօններով: Առակը կը մասնաւորէ ընտանեկան կեանքի մը պատկերը, որտեղ կան ծնողներ ու զաւակ-ներ, եւ այնտեղ մատնացոյց կ՚ըլլան երկու կերպարներ ի մասնաւորի կրտսեր զաւակի ժխտական վարքագիծը, եւ ծնողներէն հօր դրական վարքագիծը, որպէս դրսեւորողը Աստուծոյ սիրոյն:

Ուրեմն, ով հաւատացեալ քրիստոնեայ, Անառակ զաւկին պատկերին մէջ է ամփոփուած մեր կեանքի պատկերը: Ուշադրութեամբ հետեւինք մեզի տրուած պատգամին եւ ներող հօր կերպարը դարձնենք մեր կեանքի ուղեգիծը:

Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութեան գալիք Կիրակիին շաբաթ-ները մեզի կը հաղորդեն կեանքի հետ առնչուած բազում պատկերներ ու քրիստոսաւանդ պատգամներ, որոնցով կը կարողանանք ոչ միայն նորոգել մեր կեանքը, այլեւ այն հրաշագործելու Աստուծոյ փառքին համար:

Յովնան Արքեպիսկոպոս

On the same day, Archbishop Derderian was welcomed by His Grace Bishop Hovakim Manukyan, Primate of the Diocese of the Armenian Church of the United Kingdom and Ireland, where Archbishop Derderian met with the members of the ACYO. His Eminence encouraged the youth to remain resolute in their ancestral Christian Faith, calling upon them to take part in the historic gathering of youth in the Mother See of Holy Etchmiadzin from July 4-8, 2018 in celebration of the Year of the Youth as declared by H.H. Karekin II, Catholicos of All Armenians.